2015-03-01 12:12:25

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքը` ''Մօտիկ ենք Սուրիոյ, Իրաքի եւ բոլոր հարստահարուած քրիստոնեաներուն''։


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի` 1 մարտ 2015-ի կէսօրին, աւանդութեան համաձայն, Ֆրանչիսկոս Պապը, իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը, Սուրբ Պետրոսի հրապարակը համախմբուած տասնեակ հազարաւոր ուխտաւորներու ներկայութեամբ։

Աղօթքէն առաջ ներկայացուցած խորհրդածութեան մէջ, Ֆրանչիսկոս Պապը անդրադարձաւ օրուան աւետարանին որ կը խօսի Յիսուսի այլակերպութեան մասին։
Յիսուս – ըսաւ Քահանայապետը – ուզեց Պետրոսին, Յակոբին եւ Յովհաննէսին ցոյց տալ իր Փառքը, զանոնք հաստատելու համար հաւատքի մէջ եւ զանոնք քաջալերելու որպէսզի իրեն հետեւին խաչի ճանպահի վրայ։
Երեք աշակերտները ի տես այլակերպութեան վրդովեցան, երբ ամպ մը եկաւ ծածկեց զանոնք եւ ամպի մէջէն ձայն մը ըսաւ ''Ասիկա իմ սիրելի Որդիս է, ասոր մտիկ ըրէք''։
Յիսուս ծառայ դարձած Որդին է որ աշխարհ ուղարկուեցաւ Խաչի միջոցաւ իրականացնելու փրկութեան ծրագիրը – ըսաւ Քահանայապետը – հաստատելով թէ Յիսուսը յայտնութեան լիութիւնն է եւ ասոր համար այլակերպութեան ընթացքին Անոր մօտ կը յայտնուին Եղիան եւ Մովսէսը որոնք կը ներկայացնեն մարգարէութիւններն ու օրէնքները։
Աշակերտներէն մեզի փոխանցուած պատգամը այս է''Մտիկ ըրէք Անոր''։ Մտիկ ընել Յիսուսին` Ան է Փրկիչը. Հետեւեցէք Իրեն։
Ունկնդրել Քրիստոսի ձայնը կը նշանակէ հետեւիլ Անոր ուղեւորութեան, որպէսզի մեր էութիւնը դառնայ սիրոյ պարգեւ մը ուրիշներուն, հնազանդելով Աստուծոյ կամքին։ Այլ բառերով հարկ է պատրաստ ըլլալ մեր կեանքը զոհելու, որպէսզի իրականանայ Աստուածային փրկութեան ծրագիրը հայման մարդկութեան համար։

Պետրոսին, Յակոբին եւ Յովհաննէսին հետ մենք եւս բարձրանանք Այլակերպութեան բարձունքը ու նայինք Յիսուսի դէմքին, որպէսզի ընկալենք պատգամը ու զայն իրականացնենք մեր կեանքին մէջ։ ''Այս ուղեւորութեան մէջ մեզի թիկունք թող կանգնի Սուրբ Կոյս Մարիամը, որուն այժմ կը դիմենք աղօթքով'' ըսաւ Սրբազան Հայրը եւ արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը եւ աղօթքէն ետք խօսքը ուղղեց հրապարակը համախմբուած հաւատացեալներուն ըսելով.
Սիրեցեալ եղբայրներ եւ քոյրեր, Սուրիային եւ Իրաքէն եկած ողբերգական լուրերը չեն դադրիր` բռնութիւններ, արեւանգումներ եւ քրիստոնեաներու ու այլ խումբերու դէմ վայրագութիւններ։ Այս դաժան կացութեան մէջ ապրողներուն կ՛ուզենք ապահովեցնել թէ զիրենք չենք մոռցած եւ թէ իրենց մօտիկ ենք յարատեւ աղօթքով, որպէսզի շուտով վերջ տրուի այս անհանդուրժելի բարբարոսութեան, որուն թիրախ են։
Հռոմի Քուրիայի անդամներուն հետ միասին, անցեալ ուրբաթ օր, հոգեւոր կրթութեան վերջին համապատարագը մատուցեցինք անոնց դիտաւորութեան։ Միաժամանակ բոլորէն կը խնդրեմ որ իրենց կարողութիւններու համաձայն, ամէն ջանք թափեն սփոփելու եւ մեղմացնելու համար ցաւերն անոնց որ կը տառապին` յաճախ իրենց դաւանած հաւատքի պատճառաւ – յարեց Սրբազան Հայրը - ու յիշեց Վենեզուելլան որ ''կ՛ապրի լարուածութեան կրկին պահեր'', ու կոչ ուղղեց հրաժարելու բռնութիւններէն եւ յարգելու ամէն մարդու արժանապատուութիւնը եւ կեանքի սրբութիւնը, քաջալերելով վերստին ընթանալ երկրի բարիքին ի սպաս, միասնական ճանապարհով, հանդիպումի եւ անկեղծ ու կառուցողական երկխօսութեան միջոցաւ։
Ֆրանչիսկոս Պապը հուսկ ողջունեց հրապարակը գտնուող այլ խումբեր եւ ընտանիքներ ու բոլորին մաղթեց բարի Կիրակի։








All the contents on this site are copyrighted ©.